Նախորդ տարեշրջանին իրենց ունեցած նուաճումներուն համար, Ռէալ Մատրիտի բոլոր ֆութպոլիստներն ու մարզիչները ստացան մէկական միլիոն եւրօ պարգեւավճար, հաղորդեց սպանական «ԱՍ» օրաթերթը:
2016-2017 տարեշրջանին արքայական ակումբը` ֆրանսացի գլխաւոր մարզիչ Զինետին Զիտանի գլխաւորութեամբ, հանդիսացաւ Սպանիոյ ախոյեան եւ երկրի գերբաժակակիր, տիրացաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին եւ Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսներուն:
Անոնք այդ գումարէն բացի այժմէն ստացան իրենց ամանորեան նուէրը` 110 հազարական եւրօ: Սակայն այդ գումարէն անոնք պիտի վճարեն տուրք` 52 տոկոս: