Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ «ՖԻՖԱ-19»-ի համակարգչային մրցումի հեղինակները կը կատարեն քուէարկութիւն, որուն արդիւնքներուն լոյսին տակ կարգ մը երկիրներու ախոյեանութիւնները պիտի ընդգրկուին մրցումի նոր տարբերակին մէջ:
Թեկնածուներուն կարգին է նաեւ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը, որուն այս տարեշրջանին մաս կը կազմեն վեց խումբեր:
Այդ քուէարկութիւնը կը կատարուին Fifaplay.com կայքին վրայ:
Հայաստանի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան 1-3 դեկտեմբերին, որմէ ետք ախոյեանութիւնը պիտի առնէ երկար արձակուրդ մը: 16-րդ հանգրուանի մրցումները պիտի սկսին մարտ 2018-ին: