Վաղը` ուրբաթ, 1 դեկտեմբերին, Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ տեղի կ՛ունենայ 2018-ի մոնտիալի վիճակաձգութիւնը:
11 քաղաքներու մէջ տեղի ունենալիք այս մոնտիալը պիտի կատարուի 14 յունիսէն 15 յուլիս:
ՖԻՖԱ-ն յատուկ տեսանիւթով մը հրապարակեց, թէ ինչպէ՛ս տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ 2018-ի մոնտիալին վիճակաձգութիւնը` իր կատարած այդ փորձով:
Ստորեւ` մոնտիալին մասնակցող խումբերը.
Ա. ԶԱՄԲԻՒՂ.- Ռուսիա, Գերմանիա, Պրազիլ, Փորթուգալ, Արժանթին, Պելճիքա, Լեհաստան եւ Ֆրանսա:
Բ. ԶԱՄԲԻՒՂ.- Սպանիա, Փերու, Զուիցերիա, Անգլիա, Քոլոմպիա, Խրուաթիա, Մեքսիքա եւ Ուրուկուէյ:
Գ. ԶԱՄԲԻՒՂ.- Դանիա, Շուէտ, Իսլանտա, Քոսթա Ռիքա, Թունուզ, Եգիպտոս, Սենեկալ եւ Իրան:
Դ. ԶԱՄԲԻՒՂ.- Սերպիա, Նիկերիա, Ճափոն, Մարոք, Փանամա, Հարաւային Քորէա, Սէուտական Արաբիա եւ Աւստրալիա: