«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կողմէ կազմակերպուած Ազգերու լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24 յունուար 2018-ին:
Այս մրցաշարքին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը ընդգրկուած է Դ. զամբիւղին մէջ: Նոյն այս զամբիւղին մէջ է նաեւ Ազրպէյճան, ինչ որ կը նշանակէ, որ անոնք իրարու դէմ յանդիման պիտի չգան:
Այս զամբիւղին մէջ խումբերը պիտի բաժնուին 4 խմբակի, իւրաքանչիւրը` չորս խումբ:
Նշենք, որ Ազգերու լիկայի մրցաշարքին եւրոպական խումբերը բաժնուած են չորս զամբիւղի: