Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 27 նոյեմբերին, տեղի կ՛ունենայ գագաթի ճակատումը, երբ Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Անթիլիասը:
Այսօրուան մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ-ի կազմին համար այս մրցումը կը նկատուի շատ կարեւոր, որպէսզի իր դաշտէն դուրս յաղթանակ մը արձանագրէ եւ երթի մրցումին իր դաշտին վրայ աւելի հանգիստ մրցում մը կատարէ:
Նշենք, որ երկու խումբերն ալ ցարդ պարտութիւն կրած չեն եւ իրենց կատարած չորս մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած են: