
Չինաստանի մէջ 2019-ին տեղի ունենալիք աշխարհի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Ասիոյ գօտիին Գ. խմբակին, հիւրը եղաւ Յորդանանի:
Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, Յորդանան չորս կէտի տարբերութեամբ` 87-83 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով գրաւեց Գ. խմբակին պարագլուխի դիրքը:
Լիբանանցի մարզիկները բաւական կէտեր կորսնցուցին, երբ ֆրի-թրօները չկրցան նշանակել, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Յորդանան մարզադաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած իր համակիրներուն ներկայութեան կէտերու տարբերութիւնը հետզհետէ բարձրացնէ եւ արձանագրէ իր երկրորդ յաղթանակը` պատճառ դառնալով, որ Լիբանան կրէ իր առաջին պարտութիւնը` իր արձանագրած յաղթանակէն ետք (Հնդկաստանի դէմ):
Լիբանան իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ Սուրիոյ դէմ, 23 փետրուար 2018-ին, Լիբանանի մէջ: