Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնը, այսօր երեկոյեան ժամը 19:00-ին, «Մետիսըն» պանդոկին մէջ (Ժունիէ) կը կայացնէ իր համագումարը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը:
Ֆետերասիոնը իր նիստին ընթացքին պիտի ունենայ նաեւ յատուկ զրոյցներ Ա. դասակարգի ակումբներուն հետ` նկատի ունենալով, որ նոր տարեշրջանին ազդանշանը պիտի տրուի 2018-ի սկիզբը: