Նախորդ շաբաթավերջին Մայորքայի մէջ (Սպանիա) աւարտեցաւ ՖԻՏԷ-ի կրան փրիի ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները:
Մինչեւ վերջին հանգրուանը, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան առանձինն կը գրաւէր առաջին դիրքը: Սակայն վերջին հանգրուանին, ռուս Տմիթրի Եաքովենքօ սեւ քարերով յաղթեց ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւին եւ հայ կրանտմասթըրին պէս մրցաշարքը աւարտեց 5,5 կէտով:
Վերջին հանգրուանին Արոնեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հիքարու Նաքամուրայի հետ:
Տիտղոսին համար մղուող պայքարին ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ թայ-պրէյքի մրցումը, որուն ընթացքին Եաքովենքօ յաղթեց Արոնեանին եւ հանդիսացաւ տիտղոսակիր: Այս պարտութիւնը Արոնեանի համար առաջինն էր այս մրցաշարքին ընթացքին:
Այսպիսով, Եաքովենքօ եւ Արոնեան իրաւունք ստացան մասնակցելու աշխարհի ախոյեանի կոչումին համար յաւակնորդներու մրցաշարքին: