Նախագահ Սերժ Սարգսեան ուրբաթ, 24 նոյեմբերին ցաւակցական հեռագիր յղած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին` Հիւսիսային Սինայի Արիշ շրջանի Ռաուտա մզկիթին մէջ կատարուած ահաբեկչական յարձակումին առիթով, որ պատճառած էր հարիւրաւոր զոհեր:
«Հայաստանը խստագոյնս կը դատապարտէ այդ անմարդկային արարքը եւ իր զօրակցութիւնը կը վերահաստատէ բարեկամ Եգիպտոսին` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին:
«Այս դժուարին պահուն իմ անկեղծ ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ ձեզի, Եգիպտոսի բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու հարազատներուն` մաղթելով տոկունութիւն եւ ոգիի արիութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում», ըսուած է նախագահ Սարգսեանի ցաւակցական հեռագիրին մէջ: