Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանը Կոչ Կ՛ուղղէ Մուտքի Արտօնագիրներու Ազատականացման Շուրջ Երկխօսութեան Սկսելու Հայաստանի Հետ

November 18, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յաջորդ շաբաթ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովէն առաջ Եւրոպական խորհրդարանը կոչ կ՛ուղղէ Եւրոպական Միութեան կառավարութեան ու արտաքին գործոց նախարարութեան` մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման գծով Հայաստանի հետ երկխօսութեան սկսելու:

Խորհրդարանի լիագումար նիստին նախօրէին ընդունուած բանաձեւը կ՛արձանագրէ, որ երկու տարի առաջ Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովէն ետք էական յառաջընթաց արձանագրուած է. «Հաշուի առնելով այդ յառաջընթացը` եւրոպացի խորհրդարանականները կը յորդորեն Հայաստանի հետ առանց մուտքի արտօնագիրներու դրութիւն սահմանել, ինչ որ արդէն եղած է Վրաստանի, Ուքրանիոյ ու Մոլտովայի հետ, սակայն վերջնական որոշումը պէտք է անդամ երկիրներն ու Եւրոպական յանձնաժողովը տան», կը պարզաբանէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի` Պրիւքսելի մէջ աշխատող թղթակից Ռիկարտ Եոզվեակը:

«Եւրոպական խորհրդարանը Եւրոպական Միութեան թերեւս առաւել յառաջդիմական կառոյցներէն է, որ կը փորձէ ինչ որ գաղափարներ յառաջ տանիլ: Անոնք ակնյայտօրէն կ՛ուզեն Հայաստանի հետ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման գործողութիւններու ծրագիր սկսիլ, ինչ որ բաւական ընդարձակ նախագիծ է. այնտեղ բազմաթիւ կանոններ ու բարեփոխումներ կան, զորս իրագործելու համար, օրինակ` Վրաստանէն պահանջուեցաւ երկու տարի, Ուքրանիայէն` երկուքուկէս: Եւրոպական Միութեան խորհուրդը, Եւրոպական յանձնաժողովը, անդամ երկիրները կը քննարկեն հարցը, սակայն չեմ կարծեր, որ յառաջիկայ` պրիւքսելեան վեհաժողովին մէջ արդէն անոնք Հայաստանին նման արտօնութիւն կը տրամադրեն», նշած է Պրիւքսելի մէջ «Ազատութեան» թղթակիցը:

Ա՛լ աւելի յաւակնոտ ու խոստմնալից են եւրոպացի խորհրդարանականներու առաջարկները Վրաստանի, Ուքրանիայի եւ Մոլտովայի վերաբերեալ: Բարձր գնահատելով այդ երկիրներու յառաջընթացը ժողովրդավարութեան ու շուկայի ազատականացման ուղղութեամբ, եւրոպացի օրէնսդիրները կոչ կ՛ուղղեն իրենց առաջնորդներուն յստակ ազդանշան տալու` Վրաստանը, Ուքրանիան ու Մոլտովան եւս օր մը կրնան Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամ դառնալ:

Խոստանալով լայնարձակ քաղաքական ու ֆինանսական կարելիութիւններ` Եւրոպական խորհրդարանը միաժամանակ կ’ընդգծէ, որ Պրիւքսելը պէտք է յստակ սահմաններ դնէ եւ դադրեցնէ համագործակցութիւնն ու աջակցութիւնը այն երկիրներուն, որոնք չեն յարգեր եւրոպական արժէքներն ու մարդու իրաւունքները:

«Քանի որ մեր միջոցները սահմանափակ են, մենք պէտք է գործի դնենք աւելին աւելիի դիմաց սկզբունքը` կեդրոնացնելով ուշադրութիւնը առաւելապէս այն երկիրներուն վրայ, որոնք էական յառաջընթաց կ՛արձանագրեն իրենց եւրոպական բարեփոխումներու ճամբուն վրայ»,  կը յայտարարէին բանաձեւի հեղինակները:

 

Նախորդը

«Սպասենք Ու Պիտի Տեսնենք». Նալբանդեան` Արեւելեան Գործընկերութեան Վեհաժողովի Յայտարարութեան Հռչակագիրին Մասին

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Հոլանտայի Ծերակոյտի Նախագահը

RelatedPosts

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին

January 13, 2026
Լիլիթ Գալստեան ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական  Վեհաժողովի Պաշտօնեաներուն Նամակներ Ուղարկած Է`  Ներկայացնելով Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան  Եւ Բռնաճնշումներու Պատկերը
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պաշտօնեաներուն Նամակներ Ուղարկած Է` Ներկայացնելով Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Եւ Բռնաճնշումներու Պատկերը

January 13, 2026
Թրքական Օդանաւային Ընկերութիւնը Պոլիսէն  Երեւան Ուղղակի Թռիչքներ Պիտի Կատարէ
Հայկական

Թրքական Օդանաւային Ընկերութիւնը Պոլիսէն Երեւան Ուղղակի Թռիչքներ Պիտի Կատարէ

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.