ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան յայտարարեց, թէ դեկտեմբերի վերջաւորութեան, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի Ընկերվարականներու եւ ընկերվար-ժողովրդավարներու խմբակցութեան փոխնախագահ եւ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան մնայուն/ընդդիմադիր անդամ, խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ, շրջանի զեկուցող Լուիշ Կրացիային եւ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի Մարդու իրաւունքներու հարցերով զեկուցող Քարինա Օտեպրինքին նամակներ ուղարկած է` ներկայացնելով Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ բռնաճնշումներու պատկերը:
Ան ներկայացուցած է երկու զեկուցում եւ մէկ յայտարարութիւն` ժողովրդավարութեան վիճակի եւ վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական բռնաճնշումներու վերաբերեալ:
1.- ACPR-ի (Քաղաքական իրաւունքներու հայկական կեդրոն) զեկուցումը, որ մանրամասն կը վերլուծէ 2025 թուականի մայիսէն սեպտեմբեր ինկած ժամանակահատուածին տեղի ունեցած քաղաքական հետապնդումներու չորս հիմնական դրուագները`
1.- Գործարար եւ բարերար Սամուէլ Կարապետեանի դէմ արշաւը եւ անոր ձերբակալութիւնը:
2.- «Սրբազան պայքար»-ի շարժման անդամներու ձերբակալութիւնները:
3.- Միքայէլ արք. Աջապահեանի ձերբակալութիւնը:
4.- ՀՅԴ-ի անդամներու ձերբակալութիւնները:
Զեկուցումին մէջ նաեւ կը նշուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ քաղաքական գործիչներու, պլոկըրներու, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու դէմ սկսած լայնածաւալ արշաւը:
2.- «Հայաստան. ժողովրդավարութեան դիտարկում»` «Սիվիլնեթ»-ի եւ «Շրջանային ժողովրդավարութեան եւ անվտանգութեան կեդրոն»-ի միացեալ զեկուցումը, որ կը ներառէ իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուած խախտումներու լայն շրջանակ:
3.- Հասարակական կազմակերպութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու յայտարարութիւնը Հայաստանի մէջ բռնաճնշումներու առնչութեամբ:


