Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով 15 նոյեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Մոսկուա:
Նախագահ Սարգսեան հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններու ղեկավարները բանակցութիւններու ընթացքին պիտի քննարկեն հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգը եւ երկկողմանի միջպետական կապերու հետագայ ամրապնդման ու զարգացման վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջագիծին մէջ համագործակցութեան եւ շրջանային արդի խնդիրներուն: