Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլի Մէջ Քրէական Հետաքննութեան Սկսած Են Հայկական Դիրքերու Վրայ Անօդաչուներով Յարձակումին Մէջ Կասկածուող Ընկերութեան Դէմ

November 15, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը քրէական հետաքննութեան սկսած է անօդաչու թռչող սարք արտադրող իսրայէլեան այն ընկերութեան դէմ, որուն արտադրութեան միջոցով Ազրպէյճանը 2017-ին անօդաչու թռչող սարքի փորձարկման ժամանակ ռմբակոծած էր հայկական դիրքերը: «Արմէնփրես» կը յայտնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ «Թայմզ աֆ Իզրայէլ»:

Ոստիկանութեան յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Էյրոնոթիքս Տիֆենս Սիսթըմզ» ընկերութեան դէմ հետաքննութիւն տեղի կ՛ունենայ` յայտնի գնորդին հետ կատարուած գործարքին ծիրին մէջ»:

Հետաքննութիւնը կը վարէ Իսրայէլի ոստիկանութեան Միջազգային յանցագործութիւններու հետաքննութեան միութիւնը, որ եբրայերէնով ծանօթ է «Եահպալ» անունով: Հոլովոյթին սկսելու մասին տեղեկութիւններ յայտնի դարձած են 13 նոյեմբերին, երբ իսրայէլեան դատարանը արտօնած էր հետաքննութեան կայացումը` սահմանափակելով այս ուղղութեամբ տեղեկութեան տրամադրումը: Ոստիկանութիւնը, մասնաւորաբար, յայտնած է, թէ պիտի չյստակացնէ, թէ ո՛վ է «յայտնի գնորդը»:

Նշեալ ընկերութիւնը յայտարարութիւնը հրապարակած է` նշելով, որ իրենք կը պատրաստուին լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերելու հետաքննութեան եւ «ընելու առաւելագոյնը, որպէսզի հետաքննութիւնը կարելի եղածին չափ արագ արդիւնք տայ»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական արտածման վերահսկման գործակալութիւնը օգոստոսին «Էյրոնոթիքս Տիֆենս Սիսթըմզ» ընկերութեան համար կասեցուցած էր «Օրպիթըր 1Քէյ» տեսակի անօդաչու թռչող սարքի «յայտնի գնորդ»-ին արտածելու արտօնագիրը:

Ընկերութեան տուեալներով` անիկա մտադիր էր «յայտնի գնորդ»-ին հետ յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին կնքել 20 միլիոն տոլար արժողութեամբ համաձայնագիր մը: Այդ ժամանակ ընկերութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուէր, որ անօդաչու թռչող սարքերը վաճառելու պաշտպանութեան նախարարութեան կասեցումը կը վերաբերի միայն «յայտնի գնորդ»-ին, իսկ միւս օտարերկրեայ գնորդներուն վրայ չի տարածուիր:

«Թայմզ աֆ Իզրայէլ» կը գրէ, որ թէեւ իսրայէլեան կողմը չի յայտներ գնորդին անունը, սակայն յայտարարութիւններէն կարելի է ենթադրել, որ ատիկա Ազրպէյճանն է: Արտօնագիրին կասեցումը եղաւ երկու շաբաթ ետք այն դէպքէն, երբ նախարարութիւնը բողոք ստացած էր, որ Ազրպէյճանի պահանջով ընկերութիւնը իր «Օրպիթըր 1Քէյ» տեսակի անօդաչու թռչող սարքը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կիրարկած է հայկական ուժերուն դէմ:

7 յուլիսին տեղի ունեցած յարձակումին ժամանակ վիրաւորուած էին երկու հայ զինուորներ:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի. «Երկու Օրէն Կը Վերադառնամ Պէյրութ»

Յաջորդը

Լաւրով Յաջորդ Շաբաթ Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.