Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 30 հոկտեմբերէն 14 նոյեմբեր Փարիզի մէջ` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ ընթացող կազմակերպութեան Գլխաւոր խորհրդաժողովի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցան Մշակութային արժէքներու` ծագման երկիր վերադարձը կամ ապօրինի իւրացման պարագային անոնց վերահաստատումը խրախուսելու հարցերով միջկառավարական կոմիտէի ընտրութիւնները:
Կոմիտէն կը հանդիսանայ «Մշակութային արժէքներու ապօրինի ներմուծումը, արտահանումը եւ անոնց նկատմամբ սեփականութեան իրաւունքի փոխանցումը արգիլելու եւ կանխելու միջոցառումներու մասին» ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 1970-ի ուխտի միջկառավարական մարմինը:
Երկրորդ շրջանային խումբէն (Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներ) ընտրուած է Հայաստանը` 4 տարի ժամկէտով: Մայիս 2015-ին Հայաստանը ընտրուած էր նոյն Ուխտի անդամ պետութիւններու հանդիպումին օժանդակ կոմիտէի անդամ` 4 տարի ժամկէտով:
Նշենք, որ 22 անդամ-երկիրներէ բաղկացած կոմիտէն ստեղծուած է 1978 թուականին` կազմակերպութեան Գլխաւոր խորհրդաժողովի 20-րդ նստաշրջանի համապատասխան որոշումին հիման վրայ:
Կոմիտէի հիմնական գործառոյթներէն է նպաստել պետութիւններու բազմակողմանի եւ երկկողմանի համագործակցութեան մշակութային արժէքներու` ծագման երկիր վերադարձնելու կամ անոնց վերահաստատումը խրախուսելու մասով: