
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 11 նոյեմբերին տեղի ունեցան երկու մրցումներ:
Պէյրութ, որ հիւրը եղաւ Անթունիէի, 86-60 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (15-29, 15-17, 10-20 եւ 20-20):
Պէյրութէն Վիթաութաս Սուլսքիս նշանակեց 23 կէտ, Պասել Պաուժի` 19, մինչ անոնց խմբակից Քրիս Քրոֆորտ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (10 կէտ, 12 էսիսթ):
Այսպիսով, Պէյրութ արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը (3 պարտութեան կողքին), մինչ Անթունիէ, որ արձանագրած է միայն յաղթանակ մը, կրեց իր հինգերորդ պարտութիւնը:
Երկրորդ մրցումին, Ռիատի, որ հիւրընկալեց Լուէյզին, 87-76 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (19-22, 22-18, 21-12, 25-24):
Ռիատիէն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Տոնթէ Կրին (16 կէտ, 10 ռիպաունտ) եւ Քրիս Տանիելզ (17 կէտ, 11 ռիպաունտ), մինչ Քուինսի Տուպի նշանակեց 17 կէտ:
Լուէյզիէն Մարվել Հերիս նշանակեց 25 կէտ, մինչ անոր խմբակից Թրեւիս Ֆրանքլին դարձաւ տապըլ-տապըլի հեղինակ (22 կէտ, 13 ռիպաունտ):
Ռիատի արձանագրեց իր հինգերորդ յաղթանակը (պարտութեան մը կողքին), մինչ յաղթանակ մը միայն արձանագրած Լուէյզի կրեց իր 5-րդ պարտութիւնը: