Երէկ` կիրակի, 12 նոյեմբերին, Ղազիրի դաշտին վրայ իր աւարտին հասաւ փինկ փոնկի արաբական ակումբներու 29-րդ ախոյեանութիւնը, որ կը վայելէր Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի հովանաւորութիւնը: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին տղոց եւ աղջկանց 26 խումբեր:
Տղոց տիտղոսակիր հանդիսացաւ քաթարեան Քաթար խումբը, որ աւարտականին յաղթեց քաթարեան այլ խումբի մը` Սատի, 2 ժամ 15 վայրկեան տեւած մրցումէ մը ետք 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով մրցակիցը:
Երրորդ դիրքի մրցումին, եգիպտական Մաատի խումբը 3-2 արդիւնքով յաղթեց լիբանանեան Ֆետի Աքտաս խումբին:

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին, թէեւ Լիբանանի ախոյեան Նատուա Քամաթիէ հասաւ աւարտականին, սակայն 3-0 արդիւնքով պարտուեցաւ եգիպտական Զամալեքէն:
Երրորդ դիրքի մրցումին, Անքուտ Տահապի (Թունուզ) 3-1 արդիւնքով յաղթեց լիբանանեան Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա խումբին:
Ախոյեանութեան աւարտին, Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա խումբին մաս կազմող Թալիա Ազար (2005-ի ծնունդ) ընտրուեցաւ մրցաշարքին լաւագոյն մարզիկը: