
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ
Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին` գրաւելով Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը, ապահովեց Ասիոյ ախոյեանութեան իր տոմսը: Վերջինս տեղի պիտի ունենայ փետրուար 2018-ին` Թայփէի մէջ (Չինաստան):
Իր կատարած վերջին մրցումին, Լիբանան երէկ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Քաթարին: Լիբանանի երրորդ կոլը նշանակեց Սերժ Գույումճեան:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին կը վերադառնայ Պէյրութ: