Զուիցերիա Եւ Խրուաթիա
Ապահովեցին Իրենց Տոմսերը
Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը այսօր բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ 2018-ի մոնտիալի փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ ճակատի Շուէտի դէմ (դարձի մրցում):
Իտալիա երթին 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Շուէտի մէջ:
Երէկ Զուիցերիա եւ Խրուաթիա ապահովեցին իրենց տոմսերը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով յաջորդաբար հիւսիսային Իրլանտան եւ Յունաստանը: