Կիրակի, 12 նոյեմբեր 2017-ին տեղի ունեցած Պէյրութի միջազգային 15-րդ մարաթոնին դարձեալ մասնակցեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութը ներկայացնող Լեւոն Թաշճեան: Այսպիսով, ան մարաթոնի գլխաւոր մրցումին` 42,195 քիլոմեթր վազքին մասնակցեցաւ յաջորդաբար 15-րդ անգամն ըլլալով:
Լեւոն Թաշճեանէն բացի մարաթոնին մասնակցեցան նաեւ բազմաթիւ լիբանանահայեր, որոնք այս մարաթոնին վազեցին հազարաւոր լիբանանցիներու կողքին:
Լեւոն Թաշճեան արձանագրելով 4 ժամ 32′ 00″ արդիւնք մը, իր տարիքային խմբաւորման մէջ գրաւեց 4-րդ դիրքը: