Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Սաժես Ժըտէյտէի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Շեպիպէ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը:
Այս մրցումը աւարտեցաւ Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի յաղթանակով: Ան արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` 72-62 արդիւնքով (կիսախաղ` 39-32, ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի):
ՀՄԸՄ-էն Ռեպեքա Աքըլ նշանակեց 24 կէտ, Լաթոյա Ուիլիըմզ` 21, իսկ Էյփրիլ Սայքս` 14:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ կիրակի, 19 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով Անդրանիկ Պէյրութը: