Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Նախագահ Զօր. Միշել Աուն Ընդունեց Արաբական Ակումբներու Պասքեթպոլի Ախոյեան ՀՄԸՄ-ի Տղոց Պատուիրակութիւնը

November 13, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 11 նոյեմբերին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Արաբական ակումբներու պասքեթպոլի ախոյեան հանդիսացած ՀՄԸՄ-ի տղոց պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեանի:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Կի Մանուկեան, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Ճորճ Սապունճեան, յանձնախումբի անդամները, մարզիչ Ճօ Մուժահես եւ խումբին մարզիկները:

ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը նախագահ Աունին յանձնեց այս ախոյեանութեան բաժակը, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահին անունը կրող ՀՄԸՄ-ի թիւ 1 մարզաշապիկը:

Շնորհաւորելով ՀՄԸՄ-ի կատարած այս շատ կարեւոր իրագործումը` նախագահ Աուն յայտնեց, որ մարոքեան Սալա քաղաքին մէջ ՀՄԸՄ եկաւ բարձր պահելու Լիբանանի անունը, երբ հանդիսացաւ տիտղոսակիր` ինքզինք պարտադրելով մասնակցող խումբերուն վրայ եւ բարձրացնելով ախոյեանութեան բաժակը:

Նախագահ Աուն աւելցուց, որ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը շուրջ տարիէ մը ի վեր բաւական վերելք կ՛արձանագրէ պասքեթպոլի մարզին մէջ, եւ ատոր շնորհիւ, լիբանանեան մարզաշխարհը կ՛ապրի զարգացում, ինչ որ կը նշանակէ, որ Լիբանանի երիտասարդ սերունդը կը մնայ մարզաշխարհին մէջ` հեռու մնալով այլ մոլորեցուցիչ ճամբաներէ, որոնք երիտասարդները կը տանին այլ վայրեր:

Հանդիպումի աւարտին նախագահ Աուն նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբին` յոյս յայտնելով միաժամանակ, որ ապագային եւս անոնք յաւելեալ տիտղոսներու կը տիրանան եւ բարձր կը պահեն Լիբանանի ու ՀՄԸՄ-ի անունը:

 

 

Նախորդը

Լեւոն Թաշճեան 15-րդ Անգամ Ըլլալով Մասնակցեցաւ Մարաթոնին

Յաջորդը

Պէյրութի Միջազգային 15-րդ Մարաթոն. 110 Տարբեր Երկիրներէ 48 Հազար Վազողներ Մասնակցեցան Մարաթոնին

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75

November 2, 2026
Քարաթէ.  Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ

November 2, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.