Յաջորդաբար 15-րդ տարին ըլլալով, Պէյրութի միջազգային մարաթոնի միութիւնը դարձեալ կազմակերպեց իր տարեկան մարաթոնը, որ տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 12 նոյեմբերին, Պէյրութի ճամբաներուն վրայ` մասնակցութեամբ 110 տարբեր երկիրներէ եկած 48 հազար վազողներու:
Այս տարուան մարաթոնին խորագիրն էր «15 տարի եւ պիտի շարունակենք վազել»:
Բնականաբար, նախորդ տարիներուն նման անիկա տեղի ունեցաւ բաւական մեծ խանդավառութեամբ: Անոր ընթացքին վազեցին փոքրերէն մինչեւ տարեցները:
Այստեղ պէտք է նշել, որ բոլոր վազողները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիին` փափաքելով անոր վերադարձը Լիբանան: Նշենք, որ վերջերս նախագահ Աուն ընդունելով Պէյրութի մարաթոնի միութեան նախագահ Մէյ Խալիլը փափաքած էր, որ մարաթոնը տեղի ունենայ վարչապետ Հարիրիի վերադարձի թեմայով: Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր մասնակցութիւնը բերած էր 2009-ի եւ 2016-ի մարաթոններուն:
Այս մարաթոնին ազդանշանը տրուեցաւ առաւօտեան ժամը 6:30-էն սկսեալ` Պէյրութի «Պիել»-ի շրջանէն:
Այս մարաթոնը կը գլխաւորէր Լիբանանի առաջին տիկին Նատիա Շամի-Աուն (մարաթոնին հովանաւորը): Ներկայ էին նաեւ պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարաֆ, Իրաքի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարը Ապտել-Հիւսէյն Ապտ Ռիտա Ապթան, երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիա, Հանրի Հելու, Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Իթանի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ուրիշներ:
Առաջին անգամ ազդանշանը տրուեցաւ գլխաւոր մարաթոնին (42,195 քմ), ապա յաջորդաբար` անդամալոյծներու 21,1 քմ, 1,5 եւ 8 քմ-ի մրցումներուն, ինչպէս նաեւ հաճոյքի մարաթոնին: Այս վերջինին իրենց մասնացութիւնը բերին աւելի քան 32 հազար երկսեռ վազողներ:
Այս տարուան մարաթոնին հաստատուեցան նոր մրցանիշներ:
Քենիացի Տոմինիք Ռոթօ, որ արձանագրեց 2 ժամ 10′ 41″ արդիւնք մը, բարելաւեց նախկին մրցանիշը, որ հաստատուած էր 2016-ին իր ազգակիցին` Էտուին Քիպթուի կողմէ (2 ժամ 13′ 41″):
Աղջկանց գլխաւոր մարաթոնին եւս հաստատուեցաւ նոր մրցանիշ մը, երբ պահրէյնցի Օնիս Զումպա արձանագրեց 2 ժամ 28′ 38″ արդիւնք մը` կոտրելով նախկին մրցանիշը, որ հաստատուած էր եթովպիացի Թիկիսթ Կիրմա Կիթաչուի կողմէ (2 ժամ 32′ 48″):
Իր կարգին Շիրին Նըժէյմ լիբանանցիներուն մէջ հաստատեց նոր մրցանիշ մը` 2 ժամ 45′ 00″, բարելաւելով իր իսկ հաստատած մրցանիշը (2 ժամ 54′ 12″):
Տղոց պարագային, Հիւսէյն Աուատա թէեւ գրաւեց առաջին դիրքը` արձանագրելով 2 ժամ 34′ 14″ արդիւնք մը, սակայն նախորդ տարի ան հանդիսացած էր առաջին` արձանագրելով աւելի լաւ արդիւնք մը (2 ժամ 30′ 46″):
Աւարտին, բոլոր վազողները հասան Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ բոլորին մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Պէյրութի միջազգային մարաթոնի միութեան նախագահ Մէյ Խալիլի, որ շնորհաւորելով բոլորը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց այսքան մեծաթիւ մասնակցութեան համար: