Հինգշաբթի, 23 նոյեմբերին կը սկսին Ասիա-Ովկիանիա տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումները, որոնք կը նկատուին աշխարհի բաժակի մրցաշարքին տոմս ապահովելու մրցումներ, որոնց հիւրընկալ երկիրն է Չինաստանը` 2019-ին:
Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Հնդկաստանը, Յորդանանը եւ Սուրիան:
Ա. խմբակին մէջ են Չինաստան, Նոր Զելանտա, Հարաւային Քորէա եւ Հոնկ Քոնկ:
Բ. խմբակին մէջ` Ճափոն, Թայփէ, Աւստրալիա եւ Ֆիլիփեան կղզիներ:
Իսկ Դ. խմբակին մէջ` Իրաք, Քաթար, Ղազախստան եւ Իրան:
Լիբանան իր առաջին մրցումը կը կատարէ հինգշաբթի, 23 նոյեմբերին, երբ երեկոյեան ժամը 21:00-ին Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ կը հիւրընկալէ Հնդկաստանը:
Լիբանանի ազգային խումբերու տնօրէն Եասեր Հաժ ըսաւ, որ Լիբանանի կազմը իր փորձերուն պիտի սկսի կիրակի, 12 նոյեմբերին, Ֆուատ Շեհապի անուան մարզադաշտին վրայ` հսկողութեամբ լիթուանացի մարզիչ Ռամոնաս Փոթաութասի:
Ստորեւ` ազգային խումբ հրաւիրուած մարզիկները, որոնցմէ մարզիչը պիտի ընտրէ իր կազմը` Հնդկաստանի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին.
Ժան Ապտելնուր, Ժոզեֆ Շարթունի, Ժոզեֆ Ապի Խըրըս, Ռոտրիք Աքըլ, Ուաէլ Արաքժի, Պասել Պաուժի, Էլի Շամուն, Օմար Այյուպի, Ալի Ֆախրէտտին, Ալի Հայտար, Ահմետ Իպրահիմ, Ալի Քանաան, Ժատ Խալիլ, Ալի Մըզհեր, Էլի Ռըսթոմ, Ամիր Սէուտ, Էլի Սթեֆան եւ Շարլ Թապեթ:
Նշուեցաւ, որ մարզիչը պիտի ընտրէ հետեւեալ երեք օտարականներէն մէկը` իբրեւ լիբանանահպատակ մաս կազմելու համար Լիբանանի կազմին. Աթեր Մաճոք, Նորվել Փել եւ Ճէյ Եանկպլատ:
Զտումի այս մրցաշարքի յանձնախումբի տնօրէն Թոնի Խալիլ ըսաւ, որ տոմսակներուն գիները պիտի ըլլան 15 եւ 30 հազար լիբանանեան ոսկի:
Յառաջիկային պիտի յայտարարուի, թէ տոմսակներու վաճառքի տեղերը ո՛ւր պիտի ըլլան: