Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 12 նոյեմբերին ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը կատարէ տարեշրջանի իր երրորդ մրցումը, երբ կը մրցի Շեպիպէի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սաժես Ժըտէյտէի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին:
ՀՄԸՄ, որ ցարդ իր կատարած երկու մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է, կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը` իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով Ռիատին, որ Էներժիի դէմ իր մրցումը կը կատարէ երեքշաբթի, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Այնթուրայի դաշտին վրայ:
Այս հանգրուանին բացման ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 11 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Անդրանիկ Պէյրութ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) կը հիւրընկալէ Հուփսը: Անդրանիկ արձանագրած է յաղթանակ մը եւ կրած պարտութիւն մը, մինչ Հուփս` երկու պարտութիւն: