Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ), ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը 90-80 արդիւնքով յաղթեց հիւրընկալ կազմին` Պիպլոսին (20-16, 24-25, 21-27 եւ 15-22):
Հիւրընկալ կազմէն տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ Տոմինիք Փոյնթըր, որ նշանակեց 33 կէտ, ներառեալ` 4 թրի փոյնթ, մինչ անոր խմբակից Էլի Սթեֆան` 3 թրի փոյնթ:
Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի կազմին նշանակած կէտերուն, խումբին երկու մարզիկները տապըլ-տապըլ իրագործեցին: Սեմ Եանկ նշանակեց 34 կէտ, 14 ռիպաունտ, մինչ Ուոլթըր Հոճ` 18 կէտ, 10 էսիսթ: Հայկ Կէօքճեան նշանակեց 13 կէտ, իսկ Իսմայիլ Ահմետ` 10:
Երկու խումբերն ալ մրցումին տեւողութեան ունեցան տասը կէտի առաւելութիւն մը:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ արձանագրեց իր չորրորդ յաղթանակը` պարտութեան մը կողքին, մինչ Պիպլոս կատարեց ճիշդ հակառակը:
Նշենք, որ ցարդ միակ անպարտելի խումբն է Շանվիլ, որ արձանագրած է վեց յաղթանակ, մինչ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Թատամոն իր հինգ մրցումներուն ալ պարտութիւն կրած է:
Այսօր տեղի կ՛ունենան 2 մրցումներ: Անթունիէ կը հիւրընկալէ Պէյրութը, իսկ Ռիատի` Լուէյզին: Երկու մրցումներն ալ կը սկսին յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին: