ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները մտադիր են մինչեւ տարեվերջ կազմակերպել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Այս մասին ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Նշուած է, որ մինչեւ այդ հանդիպումին կազմակերպումը համանախագահները առանձին խորհրդակցութիւններ պիտի ունենան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:
«Ներկայիս համանախագահները կ՛աշխատին այդ խորհրդակցութիւններուն վայրն ու օրը որոշելու ուղղութեամբ», յայտնած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն:


