Բաւական մեծ խանդավառութեամբ տեղի ունեցող Անթուան Ղուրայեպպի անուան պասքեթպոլի տարիքային մրցաշարքը, որ կը կատարուի Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ, արդէն իսկ թեւակոխած է կիսաւարտական հանգրուան:
Անիկա տեղի կ՛ունենայ կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա»-ի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:
Ստորեւ` կիսաւարտականի իրենց տոմսերը ապահոված զոյգերը.
12 տարեկանէն վար. Հուփս – Էներժի եւ Ռիատի – Ռիպաունտ
14 տարեկանէն վար. Ռիատի – Մութթահետ եւ Էներժի – Նետիմ Սուէյտ Աքատեմի
16 տարեկանէն վար. Շանվիլ – Էներժի եւ Հուփս – Ռիատի
18 տարեկանէն վար. Շանվիլ – Նետիմ Սուէյտ Աքատեմի եւ Ուորիըրզ – Հուփս
Այսօր` շաբաթ, 4 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ միայն 12 տարեկանէն վար կիսաւարտականի մրցումները: Մնացեալները` յաջորդող շաբաթավերջերուն: