Յունաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը 2,5-1,5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն` Ազրպէյճանէն:
Այժմ Հայաստան, ունենալով 8 կէտ, կը բաժնէ 5-9-րդ դիրքերը:
Առաջին դիրքը 10-ական կէտով կը գրաւեն Հունգարիա եւ Ռուսիա: Ազրպէյճան եւ Խրուաթիա ունին 9-ական:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց հաւաքականին կատարած մրցումին, հայրենի կազմը, մոռնալով հանգրուան մը առաջ իր կրած պարտութիւնը Վրաստանէն (4-0), երէկ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը` Հունգարիոյ դէմ:
Հայաստան այժմ 8 կէտով կը բաժնէ 6-10-րդ դիրքերը: Ռուսիա առաջին է (11 կէտով), մինչ Վրաստան` երկրորդ (10 կէտ):