«Տիս Տէյզ» կը յայտնէ, թէ ՖԻՖԱ-ին կարծիքը այն է, որ ֆութպոլի բարեկամական մրցումները աստիճանաբար կը կորսնցնեն իրենց կարեւորութիւնը:
Ասկէ մեկնելով, աշխարհի ֆութպոլի կազմակերպութիւնը կը կարծէ, որ բարեկամական այդ մրցումները աշխարհի լիկայի մրցաշարքով փոխարինելը պիտի ըլլայ աւելի հետաքրքրական:
Այժմ այս տարբերակը շատ լուրջ կերպով կը քննարկուի ՖԻՖԱ-ին կողմէ:
Աշխարհի լիկայի մրցաշարքը պէտք է տեղի ունենայ 2019-ին եւ տեւէ մէկ տարի:
Կ՛ենթադրուի, որ մրցաշարքը ըլլայ ազգերու լիկային պէս եւ խումբերը բաժնուին երեք դասակարգերու: