Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ներքին ապահովութեան ուժերու ֆութպոլի խումբը, որ նախորդ շաբաթավերջին տիրացած էր մինի ֆութպոլի մրցաշարքին տիտղոսին: Մրցաշարքը տեղի ունեցաւ արտասահմանի մէջ ապրող լիբանանցիներէ կազմուած խումբերու մասնակցութեամբ:
Լիբանանեան խումբին մարզիկները եւ անոնց ընկերակցող պատասխանատուները այս մրցաշարքին տիտղոսը նուիրեցին հազարապետ-զօրավար Օսմանին:
Յիշեցնենք, որ այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Աթլեթիքօ ակումբին մէջ (Տըպպայէ)` կազմակերպութեամբ «Սփորթց Էվազիոն» ընկերութեան: