Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ազգային Ներուժի Խորհրդաժողով

October 30, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ուրբաթ, 27 հոկտեմբերին, «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանեան ազգային ներուժի խորհրդաժողով մը, որուն ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ Լիբանանի ազգային ներուժը` հիմնական  նպատակ ունենալով երկրին տնտեսական կացութեան բարելաւումը:

Խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան նաեւ փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի, նախարարներ Աւետիս Կիտանեան, Ժըպրան Պասիլ, Եաագուպ Սարրաֆ, Ալի Հասան Խալիլ, Ռաէտ Խուրի, Սեզար Ապի Խալիլ, Թարեք Խաթիպ, Փիեռ Ռաֆֆուլ, Նիքոլա Թուէյնի, մեծ թիւով երեսփոխաններ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, ինչպէս նաեւ տնտեսական խորհուրդներու, ճարտարարուեստի, առեւտուրի, ներդրումներու եւ երկրագործութեան մարզերու պատասխանատուներ:

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան ունի մեծ ներուժ, որմէ պէտք է օգտուիլ: Ան նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ վերակառուցման մէջ Լիբանան պէտք է պատրաստ ըլլայ եւ հիմնական դերակատարութիւն ունենայ:

Պասիլ նշեց նաեւ, որ պէտք է օգտուիլ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող բնական կազէն եւ նաւթէն, ինչպէս նաեւ շուկայադրել կրօնական զբօսաշրջութիւնը:

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ իր կարգին յայտնեց, որ նաւթահորերու պեղման առումով Լիբանան բաւական լաւ աշխատանքային ծրագիրներ ստացած է կարգ մը երկիրներէ:

Ան աւելցուց, որ ինք այդ պահանջները պիտի ներկայացնէ կառավարութեան, որպէսզի իր կարգին վաւերացնէ զանոնք, եւ նաւթի պեղման աշխատանքները սկսին:

Միւս կողմէ, խորհրդաժողովի մասնակցութեան շրջագիծին մէջ «Նաշրա» կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան շեշտեց, որ կրօնական զբօսաշրջութիւնը Լիբանանի մէջ գտնուող բնական հարստութիւն մըն է, որ պատմական բնոյթ ունի:

«Եթէ մենք կրցանք Լիբանանի կրօնական զբօսաշրջութիւնը շուկայադրել, ապա Լիբանան մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կը հիւրընկալէ եւ կը վերածուի մշակութային եւ կրօնական խորհրդաժողովներ գումարելու կեդրոնի մը», ըսաւ Ա. Կիտանեան:

Նշենք, որ խորհրդաժողովէն ետք վարչապետ Սաատ Հարիրի ընթրիքի երեկոյ մը սարքեց ի պատիւ խորհրդաժողովին մասնակիցներուն եւ այդ առիթով արտասանեց խօսք մը:

Հարիրի ըսաւ, որ կառավարութիւնը իր տասը ամսուան աշխատանքով կրցաւ տասը տարիէ ի վեր ջանքեր խլող, սակայն ապարդիւն դուրս եկող աշխատանքը յաջողցնել` ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով: Ան նշեց, որ կառավարութիւնը յաջողած է նաեւ դիւանագիտական անձնակազմի, դատական իշխանութիւններուն եւ Լիբանանի Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի նշանակումները ամբողջացնել, աշխատավարձի յաւելում վաւերացնել եւ 12 տարուան անհաշիւ մսխումներէն ետք կրցած է պետական ամավարկ վաւերացնել:

Հարիրի աւելցուց, որ կառավարութիւնը յաջողած է նաեւ պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութիւն յառաջացնել, ինչպէս նաեւ համացանցի դրութիւնը բարելաւել:

Հարիրի նշեց, որ Լիբանան ներկայիս աւելի լաւ վիճակի մէջ է, քան մէկ տարի առաջ` մաղթելով, որ տարի մը ետք ան շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ կ՛ըլլայ:

Ան ընդգծեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ բարելաւելու համար Լիբանանի կացութիւնը:

 

Նախորդը

Մետվետեւ. «Երկկողմանի Համագործակցութեան Խորացումը Կը Բխի Մոսկուայի Եւ Անգարայի Երկարաժամկէտ Շահերէն»

Յաջորդը

Նիւ Եորք. Սենթ Փեթրիք Տաճարին Մէջ Ս. Շարպելի Սրբապատկերի Օրհնութիւն

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.