Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն 8 Յունիսը Յայտարարեց Դատական Իշխանութեան Նահատակներու Յիշատակի Օր

October 28, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ 2017-2018 դատական տարեշրջանին, որ կրեց «Պետութիւնը կը կերտուի ժողովուրդին անունով» խորագիրը:

Պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան նախկին նախագահներ Ամին Ժեմայէլ եւ զօր. Միշել Սլէյման, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, նախարարներ Սելիմ Ժրայսաթի, Եաագուպ Սարրաֆ, Սեզար Ապի Խալիլ, Աւետիս Կիտանեան, Թարեք Խաթիպ եւ Ռաէտ Խուրի, մեծ թիւով երեսփոխաններ, նախկին նախարարներ ու նախկին երեսփոխաններ, արաբ եւ օտար դեսպաններ, Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ դատաւոր Ժան Ֆահըտ, Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Իսամ Սլէյման, Պետական շուրայի նախագահ, դատաւոր Հանրի Խուրի, Պէյրութի եւ Թրիփոլիի իրաւաբաններու սենտիքաներու նախագահներ Անթոնիօ Հաշեմ եւ Ֆահըտ Մքատտամ, ինչպէս նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, ապահովական կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ իրաւաբաններ:

Իր արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Աուն ըսաւ. «Սայտայի մէջ չորս դատաւորներու նահատակութեան թուականը` 8 յունիսը կը յայտարարեմ Դատական իշխանութեան նահատակներու յիշատակի օր»:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ դատական իշխանութիւնները երկրին պետութեան բանալիներն են` աւելցնելով, որ եթէ դատական իշխանութիւններուն նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը չքանայ, ապա ամբողջ պետութիւնը կրնայ փուլ գալ:

Ան հաստատեց դատական իշխանութիւններուն անկախ գործունէութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի այդ իշխանութիւնները ըլլան առողջ, գործեն պարկեշտութեամբ եւ ատակութեամբ:

Իր կարգին, դատաւոր Ժան Ֆահըտ շեշտեց, որ դատական տարեշրջանի բացման պաշտօնական արարողութիւնը նախորդ եօթը տարիներուն ընթացքին չէ պատահած` աւելցնելով, որ իբրեւ Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդ մշակած են ծրագիր մը եւ զայն ներկայացուցած նախագահ Աունին:

Արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի նշեց, որ Լիբանանի դատաւորները կը սպասեն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն, որ խորհրդարանը տէր կանգնի իրենց երաշխիքներուն:

Ժրայսաթի շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Հարիրիին, որ դատական հարցերուն վերաբերող բոլոր թղթածրարներուն պարագային պետական այրի մօտեցում եւ կեցուածք ցուցաբերած է:

Ժրայսաթի կոչ ուղղեց բոլոր դատաւորներուն գործելու անկախութեամբ` հեռու մնալով կաշառքէ:

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Ընտրական Օրէնքի Գործադրութեան Յանձնախումբի Նիստին

Յաջորդը

Խիստ Միջոցառում` Ազրպէյճանի Դէմ

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.