Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու իմաստով իր կոչը ուղղուած է արտերկրի բոլոր լիբանանցիներուն եւ ոչ թէ այս կամ այն համայնքին:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահեց Հանրապետութեան հանդիպում խմբաւորումի նիստին, որուն ընթացքին կոչ ուղղուեցաւ երկխօսութիւն կատարելու` սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձին վերաբերեալ:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան ընդգծեց, որ Դիմադրութեան առանցքը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ մղած իր պայքարը պիտի պսակէ ամբողջական յաղթանակով:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պատրաստ է 2018-ի պետական ամավարկը ամէնէն արագ միջոցին վաւերացնելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան թուիթըրեան գրառումով մը նշեց, թէ 2017-ի պետական ամավարկը 2018-ի պետական ամավարկին հիմքը մշակած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ ըստ լիբանանեան քաղաքական համաձայնութեան, Լիբանանը պէտք է զերծ կացուցել շրջանային տագնապներէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Հըզպալլա իրանեան ծրագիր մըն է Լիբանանի եւ շրջանին մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, թէ Լիբանանի եւ լիբանանցիներու շահերուն կը ծառայէ, որ կառավարութիւնը չփոխուի եւ երկիրը քաղաքական տարակարծութեան մէջ չթաղուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ Հըզպալլայի դէմ պարտադրուած ամերիկեան նիւթական պատժամիջոցները մաս կը կազմեն շրջանին մէջ առկայ ընդարձակ բախումներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի արտաքին գործոց նախարարութենէն պահանջեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանը կանչել եւ անոր հարց տալ Լիբանանի վերաբերող Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի յայտարարութիւններուն մասին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Արիտի շեշտեց, որ Լիբանան սահմանադրական առողջ կեանք մը չ՛ապրիր, այլ` օրինազանցութեան իրավիճակ մը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ պիտի ներկայացնէ առաջարկ մը` սուրիացի տեղահանուածներու տագնապը լուծելու նպատակով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ նշեց, որ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի կողմէ տրամադրուած` Աքքարի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ շինարարութեան արտօնագիրները նուաճում կը նկատուին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ խստիւ դատապարտեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի յայտարարութիւնը` զայն նկատելով Լիբանանի դէմ գործուած դիւանագիտական ոտնձգութիւն` աւելցնելով սակայն, որ իրենք կը յարգեն իրանցի ժողովուրդը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշիէն` ներկայութեամբ նախկին նախարար Ռեմոն Արայժիի եւ Ալպեր Չուխատարի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հաստատեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը կայուն է` աւելցնելով, որ պէտք է նաեւ տոկոսները կայուն ըլլան: Սալամէ նշեց նաեւ, որ Կեդրոնական դրամատունը հետաքրքրուած է ընկերային բնոյթի ծրագիրներու ֆինանսաւորումով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նպատակը երեսփոխանական յաջորդ ընտրութիւններուն ընթացքին ժողովրդային ներկայացուցչութեան բարելաւումն է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի մերժեց  Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի յայտարարութիւնը` շեշտելով, որ Պէյրութ լիբանանեան ու արաբական մայրաքաղաք է եւ երբեք պարսկական չի կրնար ըլլալ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ նշեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի կատարած յայտարարութիւնը, թէ Ռիատ պիտի վերադառնայ իսլամական չափաւորականութեան եւ պիտի պայքարի ծայրայեղականութեան դէմ, մեծ յառաջդիմութիւն է:

ՊԱՍՍԱՄ Թլայս վերընտրուեցաւ Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ իր ուժերը կրցած են ձերբակալել Լիբանանի մէջ թմրեցուցիչ պատրաստող եւ մաքսանենգող մեծագոյն ցանցերէն մէկուն անդամները, ինչպէս նաեւ անոնց մօտ գրաւած են մեծ քանակութեամբ թմրեցուցիչի տեսակներ եւ «Քեփթակոն» դեղահատեր:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով պէյրութեան աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ անոնք կ՛ակնկալեն, որ Պէյրութի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ամալ շարժումին միջեւ ընտրական դաշինքը պահպանուի:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւնները յառաջիկայ մայիսին կատարելու յանձնառութեան, որովհետեւ ան վստահ է ընտրութիւններուն արդիւնքներէն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ յարաբերութիւնները պիտի մնան հաշտութեան եւ Մեհրապի ըմբռնումին հիման վրայ:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հաստատած է, որ ինք կը մերժէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը նոյնիսկ մէկ ժամով:

 

 

Նախորդը

«Յայտարարութիւնը, Որ Արցախը Չի Կրնար Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Ըլլալ, Պաքուի Մէջ Վայնասուն Յառաջացուցած Է» Կ՛ըսէ Շաւարշ Քոչարեան

Յաջորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Կը Պահանջենք Օրէնքի Գործադրութիւնը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.