Հայաստանի Ազգային ժողովը վաւերացուց նախանցեալ օր քննարկուած բոլոր նախագիծերը: «Պաշտպանութեան մասին» օրէնքի քուէարկութեան ժամանակ վարման կարգով ելոյթ ունեցաւ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան: Ան նշեց, որ իրենց խմբակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ, քանի որ զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարութեան հետ կապուած խնդիրներ կան:
Օրէնքը առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ ձայներու 86 կողմ, 9 դէմ, 0 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ:


