Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ այդ թուականը կարելի չէ փոխել:
Պըրրի նշեց նաեւ, որ ընտրութիւնները պիտի կատարուին, եւ ո՛վ որ այլ կերպով կը մտածէ, ապա այլ հարցերով թող զբաղի:
Այս շրջագիծին մէջ Պըրրի անդրադարձաւ ընտրական օրէնքին մանրամասնութիւններուն, յատկապէս օրէնքի թիւ 284 եւ թիւ 295 յօդուածներուն` նկատել տալով, որ ըստ օրէնքին, եթէ կարելի չըլլայ կենսաչափական ընտրաքարտեր պատրաստել, ապա օրէնքը կը թելադրէ ընտրութիւններուն մասնակցիլ անձնաթուղթով կամ անցագիրով:
Պըրրի նշեց, որ կենսաչափական ընտրաքարտին մասին կառավարութեան օրինագիծը ինք յղած է խորհրդարանական համապատասխան յանձնախումբերուն` վերահաստատելով, որ այդ ընտրաքարտերուն որդեգրումին պարագային եւս պէտք է դիմել նուազուրդի վարչութեան:


