Երէկ անյայտ անձեր հրկիզած են ֆրանսական «Էնետիս» ուժանիւթային ընկերութեան պատկանող 19 ինքնաշարժներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանս Պլէօ» ձայնասփիւռի կայանը:
Աղբիւրին համաձայն, միջադէպը տեղի ունեցած է «Էնետիս» ընկերութեան արտադրական կեդրոնին մօտ, որ կը գտնուի Լիմոժ քաղաքին մօտ:
Ձայնասփիւռի կայանի տուեալներուն համաձայն, ինքնաշարժները ամբողջութեամբ այրած են եւ վերականգնման ենթակայ չեն:
Կը նշուի, որ ոստիկանութիւնը արդէն սկսած է դէպքին հետաքննութեան. իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցները շրջափակած են տարածքը:


