Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապատիի Գրասենեակը Կը Հակադարձէ Թիլըրսընի. «Աշխարհազօրի Անդամները Իրաքցի Են Եւ Իրաքեան Ղեկավարութեան Ենթակայ»

October 24, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց վերջինիս մօտիկ աղբիւրի մը հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ ան զարմանք կը յայտնէր աշխարհազօրայիններուն վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի յայտարարութեան նկատմամբ:

Աղբիւրը նշեց, որ աշխարհազօրի շարքերուն մէջ գտնուող զինեալները հայրենասէր իրաքցիներ են, որոնք բազմաթիւ զոհողութիւններ կատարած են իրենց երկրին ու իրաքցի ժողովուրդի սիրոյն եւ խորհրդարանի որդեգրած օրէնքին հիմամբ ենթակայ են իրաքեան ղեկավարութեան:

Աղբիւրը նշեց, որ ոչ ոք իրաւունք ունի իրաքեան հարցերուն միջամտելու եւ իրաքցիներուն թելադրանքներ կատարելու` ընդգծելով, որ գետնի վրայ գտնուողները իրաքցիներն են, եւ Իրաքի մէջ որեւէ օտար ուժ գոյութիւն չունի:

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի կիրակի օր Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս եւ Յորդանան իր կատարած շրջապտոյտին ընթացքին հանդիպում ունեցած էր Թիլըրսընի հետ:

Վերջինս իր սէուտցի պաշտօնակից Ատել Ժուպէյրի հետ հանդիպումի մը ընթացքին կոչ ուղղած էր «իրանեան միլիսները Իրաքէն հեռացնելու»: Աւելի ուշ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ հակադարձած էր` յայտնելով. «Ամերիկեան քաղաքականութեան համար ամօթալի է փեթրոտոլարներու ցուցմունքին ենթարկուիլ»:

Զարիֆ «Թուիթըր»-ի վրայ հարց տուած էր. «Իրենք զիրենք պաշտպանելու համար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ոտքի կանգնած իրաքցիները ո՞ր երկիրը պէտք է վերադառնան»:

Նախորդը

Իրաքի Քրտական Մարզին Մէջ Նախագահական Ընտրութիւնը Անժամկէտ Յետաձգուեցաւ

Յաջորդը

«Հըզպալլան Ահաբեկչական Խմբաւորում Մը Եւ Ահաբեկչութեան Հիմնական Հովանաւոր Իրանի Մէկ Մասնաճիւղն Է» Ըսաւ Փենս

RelatedPosts

Թրամփ Չափազանց Դժգոհ Է Քիեւի  Եւ Մոսկուայի Դիրքորոշումէն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Չափազանց Դժգոհ Է Քիեւի Եւ Մոսկուայի Դիրքորոշումէն

December 13, 2025
«Միացեալ Նահանգներու Խաղաղութեան Ծրագիրի  Նոր Տարբերակը Կրնայ Ռուսիոյ Հաճելի Չգալ»  Կ՛ըսէ Ուշաքով
Գլխաւոր լուրեր

«Միացեալ Նահանգներու Խաղաղութեան Ծրագիրի Նոր Տարբերակը Կրնայ Ռուսիոյ Հաճելի Չգալ» Կ՛ըսէ Ուշաքով

December 13, 2025
Էրտողան – Փութին Հանդիպում
Միջազգային

Էրտողան – Փութին Հանդիպում

December 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.