Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս յայտնեց, որ Պէյրութի մէջ ամերիկացի նաւազներուն դէմ կատարուած ականահարումը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առաջին կայծն էր` նշելով. «Ճակատամարտը պիտի փոխադրենք ահաբեկիչներուն հողերը` ըստ մեր կանոններուն»:
1983-ին Պէյրութի մէջ ամերիկացի նաւազներու կեդրոնատեղիի ականահարման տարելիցին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը շեշտեց, որ «Հըզպալլան ահաբեկչական խմբաւորում մըն է եւ ահաբեկչութեան հիմնական հովանաւոր Իրանին մասնաճիւղը»` աւելցնելով. «Իրանին պիտի չարտօնենք շրջանի երկիրներուն կայունութիւնը քայքայել»:
«Մենք կը ջանանք արգելակել Հըզպալլան եւ զայն արդարադատութեան առջեւ կանգնեցնել», ըսաւ Փենս` նշելով. «Իրանի իշխողները իրենք հրամայեցին 1983-ին Պէյրութի յարձակումը»:
Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդական Հըրպըրթ Մաքմասթըր իր կարգին յայտնեց. «Նաւազներու կեդրոնատեղին պայթեցնողները այժմ դարձած են Հըզպալլայի ղեկավարները»:
Յիշեցնենք, որ 23 հոկտեմբեր 1983-ին Պէյրութի մէջ ամերիկացի նաւազներու եւ ֆրանսական ուժերու շէնքերուն դէմ ականահարումները պատճառեցին 299 զոհ:


