Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի բարձրագոյն անկախ ընտրական յանձնախումբը յայտարարեց նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները անժամկէտ յետաձգելու մասին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթ էտուվար» կայքը:
Իբրեւ գլխաւոր պատճառ յանձնախումբը նշած է նախագահի ընտրութեան համար թեկնածուներու արձանագրութեան բացակայութիւնը:
Քրտական մարզին մէջ կատարուած անկախութեան հանրաքուէէն ետք ստեղծուած լարուածութեան պատճառով խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու դիմումներու ընդունման պայմանաժամը երկարաձգուած էր մինչեւ երէկ:
Այժմ ընտրական յանձնախումբը յայտարարած է ընտրութիւնները անժամկէտ յետաձգելու մասին:
Յիշեցնենք, որ 25 սեպտեմբերին Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէին մասնակցած քաղաքացիներուն 93,29 առ հարիւրը «այո՛» ըսած է անկախութեան: Հանրաքուէին մասնակցած է քուէարկողներուն 72,16 առ հարիւրը:


