Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոքեան. «Մաքուր Հայաստանի Ճամբուն Վրայ Արժանապատուութեան Խնդիր Պէտք Է Դնենք Մեր Առջեւ»

Հոկտեմբեր 23, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան համապետական երրորդ շաբաթօրեակի շրջագիծին մէջ այցելած է Հայաստանի Արարատի եւ Արմաւիրի մարզերը: Նախարարը Արտաշատ քաղաքին մէջ մասնակցած է ծառատունկին, այցելած Դուինի հնավայր պատմամշակութային տարածք, ուր կատարուած են մաքրութեան աշխատանքներ: Այնուհետեւ Արմաւիրի մարզի Փարաքար համայնքին մէջ մարզպետ Աշոտ Ղահրամանեանի ընկերակցութեամբ նախարարը հետեւած է մարզին մէջ տարուող աշխատանքներուն: Անոնց միացած է  նաեւ Ջրային տնտեսութեան պետական կոմիտէի նախագահ Արսէն Յարութիւնեան, եւ միասին քննարկած են ոռոգման ջրատարներու  մաքրութեան հարցը:

Շրջապտոյտի ընթացքին նախարարը զրուցած է շաբաթօրեակի մասնակիցներուն հետ, շնորհակալութիւն յայտնած անոնց «Մաքուր Հայաստան»-ի գաղափարի տարածման հարցով իրենց աշխուժ մասնակցութեան եւ արժանապատիւ աշխատանքին համար: «Մեծ է այս հարցով նաեւ հանրապետական գործադիր մարմիններու, յատկապէս Երեւանի քաղաքապետարանի եւ մարզպետարաններու դերը` շաբաթօրեակը պատշաճ մակարդակով կազմակերպելու գործին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերու բոլոր համայնքները, հանրապետական գործադիր մարմիններու տարածքային ծառայութիւնները, կրթական, առողջապահական, մարզական հիմնարկները, պետական, մասնաւոր եւ հասարակական հատուածին մէջ գործող տարբեր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները նախարարութեան մէջ ձեւաւորուած «Մաքուր Հայաստան»  միջնախարարական յանձնախումբին հետ միասին համակարգուած աշխատանքով իսկապէս կրցան լաւ արդիւնք արձանագրել», ըսած է նախարարը:

Շրջապտոյտէն ետք նախարար Դաւիթ Լոքեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին տեղեկացուցած է, որ շաբաթօրեակի շրջագիծին մէջ  մեծածաւալ աշխատանքներ կատարուած են. Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը Եռաբլուրի մէջ ծառատունկ կատարած է կաթիլային ոռոգման համակարգով, համայնքներու հետ միասին «Հայանտառը» իր ենթակայութեան տակ գտնուող տարածքներու մէջ աշխատած է, մասնակցած են բազմաթիւ  նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ:

«Մաքրութեան աշխատանքներ միշտ կը կատարուին, բայց թիւ մէկ իրականացնողները մեր համայնքներու ղեկավարներն են` մարզպետներու գլխաւորութեամբ: Քիչ մը ֆինանսական օժանդակութիւն կը նախատեսենք մեր համայնքներուն` խնդրայարոյց աղբանոցներու աշխատանքը դադրեցնելու նպատակով: Այսօր 10 աղբավայրեր փակուած են Կոտայքի մարզին մէջ, շուրջ 7-ն փակուած են  Գեղարքունիքի մարզին մէջ: Խնդիրը լուծելու նպատակով կառավարութիւնը կը փորձէ աղբերու վերամշակման գործարան կառուցել Երեւանի մերձակայքը, ուր կարելի է տեղափոխել հանրապետութեան աղբին 2/3-րդը, օրական շուրջ հազար թոնէ աւելի, որ նաեւ ելեկտրականութիւն պիտի արտադրէ: Մենք ունինք 3-4 գործընկերներ  Միացեալ Նահանգներէն, Չեխիայէն, Լիբանանէն, որոնց հետ կը քննարկենք այս հարցերը», ըսած է նախարարը:

Ան յիշեցուցած է, որ «Վարչական իրաւախախտումներու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ նախատեսուող փոփոխութիւններուն հետեւանքով 1 յունուար 2018-էն սկսեալ վարչական պատասխանատուութեան կարծր միջոցներ պիտի կիրարկուին չսահմանուած վայրի մը մէջ աղբ թափելու եւ շրջակայ միջավայրը աղտոտելու համար` սկսած 16.000-էն մինչեւ 5 միլիոն դրամ: Նախարար Դաւիթ Լոքեան «Մաքուր Հայաստան» ծրագիրը լիարժէք իրականացնելու գործին մէջ ընդգծած է քարոզչական ու դաստիարակչական բաղադրիչը եւ կարեւոր նկատած է լրատուամիջոցներու դերակատարութիւնը: «Շատ ցաւալի է, որ  ժողովուրդ մը, որ այդչափ հարուստ քաղաքակրթական պատմութիւն ունի, շատ դիւրութեամբ շիշ կը նետէ ճամբան, երեւոյթ մը, որուն ամէն օր ականատես կ՛ըլլանք: Մեր քաղաքացիները տակաւին չեն ձեւաւորած  իրենց մտածելակերպը մաքուր բնութիւն ունենալու, մաքուր միջավայրի մէջ ապրելու հարցերով: Ես կը կարծեմ, որ մենք աստիճանաբար պիտի անցնինք վիճակի մը, երբ այլեւս պիտի չյայտարարենք, որ համապետական շաբաթօրեակ կը կազմակերպենք, եւ համայնքները, բնակիչները ինքնաբերաբար պիտի սկսին այս ընթացքը: «Մաքուր Հայաստան»-ի ճամբուն վրայ մենք արժանապատուութեան խնդիր պէտք է դնենք մեր առջեւ», ըսած է նախարար Լոքեան:

 

Նախորդը

Թշնամին Զինադադարի Դրութիւնը Խախտած Է Հիմնականին Մէջ Հրաձգային Զինատեսակներէ

Յաջորդը

Արցախի Հետ Բարեկամութեան Խումբերու Ստեղծում` Պելճիքայի Մէջ

RelatedPosts

Երեւան. «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  Փաստաթուղթը Միայն Կը Նպաստէ Շրջանին Մէջ  Խաղաղութեան Ջանքերուն»
Գլխաւոր լուրեր

Երեւան. «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Փաստաթուղթը Միայն Կը Նպաստէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Ջանքերուն»

Դեկտեմբեր 11, 2025
Հայ Գերիներուն Ազատութիւնը Պահանջող  Բողոքի Ցոյց` Երեւանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներուն Ազատութիւնը Պահանջող Բողոքի Ցոյց` Երեւանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց

Դեկտեմբեր 11, 2025
Անդրադառնալով Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան  Ռազմավարական Օրակարգին`  Զուլֆուղարով. «Փաշինեանի` Խաղաղութեան  Օրակարգին Աջակցելուն Մասին Յայտարարութիւններու  Անկեղծութեան Վերաբերեալ Կասկածներ Կը Յառաջանան»
Հայկական

Անդրադառնալով Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Ռազմավարական Օրակարգին` Զուլֆուղարով. «Փաշինեանի` Խաղաղութեան Օրակարգին Աջակցելուն Մասին Յայտարարութիւններու Անկեղծութեան Վերաբերեալ Կասկածներ Կը Յառաջանան»

Դեկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?