ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Զօրաւոր նախազգացում ունիք եւ ընդհանրապէս գալիքը կը գուշակէք: Այս զգացումով շատ մի՛ տարուիք, որպէսզի սխալ մտածումներ չունենաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Թէեւ ձեր ծրագիրները յաջողցնելու դիւրութիւն ունիք, սակայն ըստ բախտի մի՛ աշխատիք: Ձեր կատարելիք գործերը լաւ ուսումնասիրեցէք, որպէսզի պատահական սխալներ չընէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Քանի մը բարեկամներով կ՛ուզէք գործ մը յաջողցնել, սակայն դիւրին պիտի չըլլայ, քանի որ իւրաքանչիւրը իր կարծիքը պիտի ուզէ պարտադրել: Աւելի յարմար ժամանակի մը յետաձգեցէք գործը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր գործերը շտապով մի՛ կատարէք. պզտիկ սխալ մը կրնայ ճակատագրական ըլլալ: Լաւ ուսումնասիրելով աշխատիլը լաւագոյն արդիւնքը կ՛ունենայ: Ո՛չ մէկ բան պատահականութեան պէտք է ձգել:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բացառիկ ճաշակի տէր մէկն էք: Ձեր ընտանիքը, կարծէք, ձեզմէ կախեալ է եւ շատ բաներ կ՛ակնկալէ ձեզմէ: Անշուշտ դուք միշտ կ՛օգնէք անոնց եւ զանոնք յուսախաբ չէք ըներ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընտանիքին մէջ կարգ մը դժուարութիւններ պիտի ունենաք, որոնք շատ սովորական են: Դուք առանձին պէտք չէ լուծէք այդ հարցերը: Իւրաքանչիւր անձ պէտք է խորհի, եւ միասնաբար լուծումներ պէտք է գտնէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր աշխատավայրին մէջ բարձր հեղինակութիւն ունիք: Քանի մը ձախողութիւններէ ետք դուք պիտի կարենաք ամէն ինչ դասաւորել: Ձեր մեծաւորները անշուշտ ձեզ պիտի գնահատեն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր աշխատանքին մէջ կարծէք անտարբեր կը գտնուիք: Աւելի տրամաբանական եղէք, որպէսզի դիտողութիւններ չլսէք: Ձեր աշխատանքն է, որ ձեր վիճակը պիտի բարելաւէ, եւ դուք յաւելում ստանաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պաշտօնի փայլուն բարձրացում մը պիտի ունենաք, որ ձեր կեանքը պիտի փոխէ: Նիւթական կարեւոր յաւելում մը պիտի ստանաք: Այս յաջողութիւնը նորանոր փայլուն ճամբաներ պիտի առաջնորդէ ձեզ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Յամառութիւն մի՛ ընէք եւ ձեզմէ աւելի փորձառու անձերու խրատները մտիկ ըրէք, ոպպէսզի սխալ քայլեր չառնէք եւ չձախողիք: Սխալ քայլ մը կրնայ ճակատագրական ըլլալ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ծրագիրները յաջողեցնելու համար պատահական ձեւով մի՛ աշխատիք, զանոնք լաւ սերտեցէք եւ ի հարկին փորձառու անձերու կարծիքի դիմեցէք, որպէսզի ուղիղ ճամբով քալէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Թէեւ բծախնդիր էք, սակայն երբեմն ձեր գործը արագօրէն վերջացնել կ՛ուզէք: Արդեօք ձեր կատարած սխալները ձեզի օրինակ չե՞ն եղած: Յաջողութիւնը լուրջ աշխատանք կը պահանջէ: