ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես գոհունակութիւն յայտնած է Ժընեւի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին առիթով:
«Կութիերես կոչ ուղղած է նախագահներ Սերժ Սարգսեանին եւ Իլհամ Ալիեւին` ղարաբաղեան տագնապը միայն խաղաղ միջոցով լուծելու: Ընդհանուր քարտուղարը կը խրախուսէ, որ նախագահները որոշեն քայլերու ձեռնարկել բանակցային հոլովոյթը խորացնելու եւ շփման գիծին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղութեամբ», նշուած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մամլոյ բանբեր Սթեֆան Տիւժարիքի տարածած յայտարարութեան մէջ:


