Նախանցեալ օր տեղի ունեցան Լուէյզի Զուք Մոսպեհ ակումբին ընտրութիւնները: Նոր ընտրուած անդամները իրենց պաշտօնին վրայ պիտի մնան մինչեւ սեպտեմբեր 2020:
Մրցակից կազմի չգոյութեան պատճառով, իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած բոլոր անձերը ինքնաբերաբար ընտրուեցան:
Ապա տեղի ունեցաւ պաշտօններու բաժանում` հետեւեալ ձեւով.
Հայր Զիատ Անթուն (նախագահ), Հայր Փիեռ Նաժըմ (փոխնախագահ), Ժիհատ Լուիս (ընդհանուր քարտուղար), հայր Ժոզեֆ Զըղէյպ (գանձապահ), Էլի Շահին, Նեպիլ Սասին եւ Ժոզեֆ Խուրի (խորհրդականներ):
Ակումբը յայտարարեց, որ այս ընտրութիւնները վաւերացուեցան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամիի կողմէ:


