Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 15 հոկտեմբերին, Քֆարսըլուանի մէջ (Պաապտա, Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ), տեղի կ՛ունենայ 4×4 Քրիթերիումի 30-րդ մրցումը: Անիկա կ՛իյնայ Լիբանանի 4×4-ի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Քֆարսըլուան ծովու մակերեսէն բարձր է 1380 մեթր եւ մայրաքաղաք Պէյրութէն հեռու է 49 քիլոմեթրով:
Այս մրցումի տնօրէն Նիքոլա Հընտի ըսաւ, որ 3 լեփ ընդգրկող այս մրցումը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9:00-ին: Ան եզրափակեց, որ մրցումին ներկայ գտնուիլ փափաքողները պէտք է ենթարկուին կազմակերպիչ յանձնախումբին ցուցմունքներուն, որպէսզի անոնց որեւէ վտանգ չսպառնայ:


