Շաբաթ, 14 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին տեղի պիտի ունենայ «Քէյ Լենտ» համալիրին բացումը` Ժիպէյլի մէջ:
Այս համալիրը կ՛ընդգրկէ մինի-ֆութպոլի երեք դաշտեր, թենիսի դաշտ մը եւ պասքեթպոլի դաշտ մը:
Անիկա պիտի ունենայ նաեւ յատուկ ակադեմիա մը, ուր մարզիկները կրնան մարզուիլ տարբեր տեսակի մարզաձեւերու մէջ` հսկողութեամբ արհեստավարժ մարզիչներու:


