Պայէրն Միւնիխի միջնապահ Արժեն Ռոպեն պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր միջազգային ասպարէզին` Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ:
Թէեւ 33 տարեկան ֆութպոլիստը Շուէտի դէմ տեղի ունեցած 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցումին իր կազմին յաղթանակը կերտեց (2-0) տուպլէ մը իրագործելով, սակայն անոր կազմը չկրցաւ Ռուսիոյ աւարտականներուն տոմս մը ապահովել:
Ան Հոլանտայի կազմին մէջ իր նորամուտը նշեց 2003-ին: Հոլանտական հաւաքականին հետ ան միջազգային 96 մրցումի ընթացքին նշանակեց 37 կոլ:


