Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին նախօրեակին, ֆետերասիոնը իր կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ) յատուկ ժողովներ գումարեց մարզիչներուն, մրցումներուն հսկող անձերուն եւ իրաւարարներուն հետ:
Ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք բոլորը տեղեակ պահեց նոր տարեշրջանին գծով կիրարկուելիք օրէնքներուն մասին եւ կարգ մը հարցերու շուրջ փոփոխութիւն կրած մանրամասնութիւններուն վերաբերեալ, որոնք բնականաբար կը միտին այս մարզաձեւը աւելի յառաջ տանիլ եւ անոր տալ հեզասահ ընթացք մը` այս նոր տարեշրջանէն սկսեալ:


