Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ուժերը երէկ Պաալպեքի Հաուշ Նապի շրջանին մէջ ձերբակալեցին սուրիացի մը, որ Ժապհաթ Նուսրայի անդամ է եւ Արսալի մէջ մեղսակցած է բանակին դէմ մղուած մարտերուն: Ան եղած է նաեւ Ժապհաթ Նուսրայի ղեկավարներէն Ապու Ալի Շիշանիի թիկնապահը:

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ տնտեսութեան նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ հակակշիռի տակ պահելու լիբանանեան շուկային մէջ վաճառուող արտադրութիւններուն սակերը:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռաէտ Խուրի մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր պիտի մասնակցի Միջազգային դրամատան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին խորհրդաժողովներուն, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի մէջ պիտի ունենայ հանդիպումներ, որոնց ընթացքին պիտի ներկայացնէ լիբանանեան պետութեան ամավարկին եւ տնտեսական նոր ծրագիրին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղի սակը 300 լ. ոսկիով նուազած է, 95 օքթան պենզինի սակը 200 լ. ոսկիով նուազած է, իսկ մազութի թիթեղին սակը 100 լ. ոսկիով սղած է:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մոհամետ Քապպարա հաստատեց, որ աշխատանքի նախարարութիւնը յանձնառու կը մնայ ճարտարարուեստի եւ ձեռարուեստի մարզերը քաջալերելու:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ զօր. Միշել Աունի անձին վրայ գրաւ դրած են, որովհետեւ համոզուած են, որ անոր համոզումները չեն կրնար խախտիլ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ որքան ալ տարակարծիք ըլլան, իրենց ճակատագիրը համաձայնութիւնն է: Ան կոչ ուղղեց լուծելու սուրիացի տեղահանուածներուն տագնապը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ պետական ամավարկը քննարկելու ընթացքին անհրաժեշտ է երկրին ազգային շահերը առաջնահերթ նկատել եւ երկրին տնտեսական տագնապը լուծել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ Սուրիա կազմ ու պատրաստ կը սպասէ գործակցելու Լիբանանի հետ` սուրիացի տեղահանուածներուն տագնապը լուծելու հարցով:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ շեշտեց, որ տուրքերու նոր դրութեամբ կարելի պիտի չըլլայ պետական պիւտճէի նիւթական բացը փակել` համատարած մսխումին եւ փտածութեան պատճառով:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Քլեմանսոյի հանդիպումը քայլ մըն է` ամրապնդելու համար երկրին քաղաքական կայունութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ պլոքի կուսակցութեան նախագահ Միրիամ Սքաֆ երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սքաֆ Իպրահիմի հետ իր հանդիպումը նկատեց մտահոգութիւնները փարատող հանդիպում:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայես շեշտեց, որ Քլեմանսոյի հանդիպումը քաղաքական ոչ մէկ ուժ թիրախ կը դարձնէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն յեղափոխութիւն մը կատարելու` արտայայտելու համար իրենց վրայ պարտադրուող տուրքերուն դէմ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ հանդիպումը կեդրոնացաւ սիւննի ծայրայեղականներուն դիմադրելու անհրաժեշտութեան վրայ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ իւրաքանչիւր քաղաքացիի բնակած շրջանին մէջ քուէարկութեան իրաւունքը ջնջելու համար պէտք է քաղաքական համախոհութիւն գոյացնել: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական այլ աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յատուկ նախարարական յանձնախումբը ամիսէ մը ի վեր նիստ չէ գումարած:

 

Նախորդը

«Քիւրտիստանի Հետ Երկխօսութիւնը Պայմանաւորեալ Է» Ըսաւ Ապատի

Յաջորդը

Մուսթաքպալ Պլոքը Ողջունեց Տուրքերու Օրէնքը Վաւերացնելու Ջանքերը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.