Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Քննչական Մարմինի Յաջողութեան Գրաւականը Ինքնուրոյնութիւն Ունեցող Քննիչն Է»

October 11, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկրին մէջ օրինականութեան վիճակը կ՛որոշուի ո՛չ միայն յանցագործութիւններու քանակով, այլեւ զանոնք իրաւասու մարմիններուն կողմէ բացայայտելու կարողութեամբ, յայտարարած է նախագահ Սերժ Սարգսեան` նախանցեալ օր ելոյթ ունենալով Քննչական կոմիտէի անձնակազմի  հանդիսաւոր նիստին ընթացքին:

«Հանրութիւնը պէտք է վստահ ըլլայ, որ Հայաստանի մէջ  անօրինականութեան եւ անկարգութեան որեւէ դրսեւորում արագ պիտի բացայայտուի եւ օրէնքի ամբողջ ուժով անխուսափելիօրէն պատժուի»,  ըսած է նախագահը:

Յիշեցնելով ամիսներ առաջ իր կատարած յայտարարութիւնը, որ իրաւական համակարգի յենասիւներէն մէկը դատախազութիւնն է` առանձնայատուկ իր կարգավիճակով, ան համոզմունք յայտնած է, որ «միւս յենասիւնը ոչ պակաս իւրայատկութիւն ունեցող քննչական մարմիններն են»: «Անոնց դերակատարութիւնը պետական համակարգին մէջ առարկայականօրէն կը մեծնայ: Պատահական չէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ առաջին անգամ ըլլալով ամրագրուեցան քննչական մարմիններու գործառոյթներուն վերաբերող յստակ դրոյթներ», նշած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

«Կը կարծեմ, որ քննչական մարմինի գործունէութեան յաջողութեան գրաւականը դատավարական ինքնուրոյնութիւն ունեցող քննիչն է` այդ կարգավիճակէն բխող բոլոր իրաւական պարտականութիւններով: Ինքնուրոյնութիւնը չափազանց կարեւոր երաշխիք է ո՛չ միայն քննիչին, այլեւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը յայտնուին անոր իրականացուցած գործելադաշտին մէջ», ընդգծած է նախագահը:

Հանդիսաւոր նիստին` նուիրուած Քննչական կոմիտէի ծառայողի օրուան եւ կառոյցի կազմաւորման երրորդ տարեդարձին, անձնակազմի անդամներէն բացի նիստին մասնակցած են նաեւ կոմիտէի տարածքային եւ կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:

Հանրապետութեան նախագահը Քննչական կոմիտէի խումբ մը աշխատակիցներ պարգեւատրած է պետական բարձր պարգեւներով, խրախուսած  շնորհակալագիրով:

 

Նախորդը

Կարօ Փայլանը Դաշնակցական Երիտասարդներուն Հետ Զրուցած Է Արեւմտահայաստանի Ներկայ Իրավիճակին Մասին

Յաջորդը

ԵԽԽՎ-ն Նոր Նախագահ Ընտրած Է

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.