Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ազգային խումբը 27 սեպտեմբերէն 5 հոկտեմբեր իր մասնակցութիւնը բերաւ Քազանի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան:
Ներքին ապահովութեան ուժերուն մաս կազմող օդաչու սպայ Էլի Պու Ժըպրայել Լիբանանի համար ապահովեց պրոնզ մետալ մը` 75 քկ դասակարգին մէջ:
Նախորդ շաբաթավերջին Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ժըպրայէլը դիմաւորեցին Լիբանանի Քոնկ ֆու ուու շուի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նըսէյր եւ ներքին ապահովութեան ուժերու մարզական բաժանմունքին պատասխանատուները, որոնք շնորհաւորեցին Ժըպրայելը անոր ձեռք ձգած այս յաջողութեան եւ իրագործումին համար:



